image

Բրիտանական Anglo-Asian Mining-ը կը բանակցի Ատրպէյճանի հետ՝ բռնագրաւուած Արցախի մէջ Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրերը շահագործելու համար

Բրիտանական Anglo-Asian Mining-ը կը բանակցի Ատրպէյճանի հետ՝ բռնագրաւուած Արցախի մէջ Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրերը շահագործելու համար

Բրիտանական Anglo-Asian Mining PLC ընկերութիւնը, որ Ատրպէյճանի մէջ կ՚արդիւնահանէ ոսկի, արծաթ եւ պղինձ, բանակցութիւններ սկսած է Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ՝ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ հանքավայրերուն հասանելիութիւն ստանալու համար, յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները:

«Ատրպէյճանը վերականգնեց Ղարաբաղի նկատմամբ լիակատար ինքնիշխանութիւնը 2023 թուականին, եւ ռուս խաղաղապահները վերջերս լքեցին այդ տարածքը։ Ընկերութեան դեռ թոյլ չէ տրուած մուտք գործել Ղարաբաղի մէջ գտնուող իր պայմանագրային տարածքները: Այնուամենայնիւ, կառավարութեան հետ նախնական բանակցութիւններ սկսած են պայմանագրային տարածքներու մէջ գտնուող ունեցուածքներու հասանելիութեան եւ արդիւնահանում սկսելու վերաբերեալ»,- ըսուած է ընկերութեան յայտարարութեան մէջ։

Anglo-Asian Mining PLC-ը նշած է, որ «Տեմիրլիի (Կաշեն) պղնձամոլիբդենային հանքավայրը խոստումնալից նախագիծ է»:

«Anglo-Asian Mining-ը սկսած է ստանալ եւ հաւաքել տարբեր փաստաթուղթեր՝ կապուած Ղարաբաղի մէջ իր պայմանագրային տարածքներու ունեցուածքի հետ, եւ տեխնիկական խումբը վերջերս այցելած է Տեմիրլիի (Կաշեն) վերամշակման գործարան», - նշած է ընկերութիւնը:

PSA տիպի պայմանագրի համաձայն՝ Anglo Asian Mining Plc-ին կը պատկանի Ատրպէյճանի մէջ 8 պայմանագրային տարածքներու շահագործման իրաւունքը, այդ շարքին՝ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ Դրմբոնի ոսկիի եւ Կաշենի պղնձամոլիբդենային հանքավայրերու նկատմամբ։ 

Պայմանագիրը կնքուած է 1997 թուականի օգոստոս 21-ին։ Պայմանագրին մէջ Ատրպէյճանի մասնաբաժինը կը կազմէ 51%, Anglo Asian Mining PLC-ինը՝ 49%: