Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի որդին՝ Սպարտակ Ղուկասեանը, երկու ամիսով կալանաւորուած է։ Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն։
Անոր մեղադրանք ներյակացուած է քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 3-րդ կէտերով (մի խումբ անձանց կողմից տեղեկատուական կամ հաղորդակցական տեխնոլոգիաներն օգտագործելով կատարուած խուլիգանութիւնը):
Սպարտակ Ղուկասեանը երէկ ձերբակալուած էր։
Աւելի վաղ Սպարտակ Ղուկասեանի նկատմամբ խափանման միջոց կիրառուած էր տնային կալանքը: Անոր հայրը՝ Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանն ըսած էր, որ որդիին դէմ նախաձեռնուած իրաւական գործընթացն իրականութեան մէջ իր դէմ է, բայց նման քայլերով զինք չեն կոտրեր։