image

Վանաձորի մէջ. Երկամեայ աղջնակ մը մահացած է

Վանաձորի մէջ. Երկամեայ աղջնակ մը մահացած է

6 յունուարին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Լոռի մարզին մէջ։ Ժամը 17:20-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Լոռիի մարզային վարչութիւն անմիջական տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Վանաձոր քաղաքի Թումանեան փողոցի շէնքերէն մէկու բնակարաններէն մէկուն մէջ երեխայ մահացած է։ 

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը նշուած տան բնակիչ 2-ամեայ աղջիկն է։

Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։

Ծնողները ոստիկաններուն եւ քննիչներուն յայտնած են, որ աղջիկը մահացած է տունը, ժամը 14:00-ի սահմաններուն, իրենց ներկայութեամբ։