Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Կեդրոն նստավայրին մէջ, դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ կը շարունակուի քննուիլ քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախկին ղեկավար Վահագն Վէրմիշեանի դատավարութիւնը։
Դատական նիստերու դահլիճին մէջ Վահագն Վերմիշեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած է եւ դատական նիստը ընդմիջուած է:
Անոր պաշտպան Ալեքսանտր Քոչուպաեւը նշած է, որ խնդիրը կապուած էր գլխուղեղի արեան շրջանառութեան հետ:
Նիստը վերսկսելէն ետք Վէրմիշեանը կոչ ըրած է մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Արմէն Գրիգորեանի յիշատակը, քանի որ ճիշդ նոյն դահլիճին մէջ ան օրեր առաջ մահացած էր: Նիստը նախագահող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը չէ բաւարարած այդ պահանջը, այդ կոչը համարած է անարգալից վերաբերմունք դատաւորի նկատմամբ եւ 10 ժամով հեռացուցած է Վէրմիշեանը դատական նիստի դահլիճէն:
Վէրմիշեանն ալ արձագանգած է. «Տո քեզ ա պէտք հեռացնել, այ Մացո: Մէկի անունը, որ Մացո լինի, այ անասուն: Նման անասունների պատճառով դարձաւ նահատակ: Սրանց պէտք է դատել, նաեւ գլխաւոր դատախազին, այդ ամենամեծ ստահակին, որին ամբողջ ազգով կանգնած դաւաճան են անուանում»:
Մնացական Մարտիրոսեանը հեռացած է նիստերու դահլիճէն, որմէ ետք ներկաները ոտքի կանգնած են՝ յարգելով Գրիգորեանի յիշատակը, որ մահացած էր նոյն դահլիճին մէջ, նոյն դատաւորի նախագահութեան ժամանակ։