Յունուար 27-ին Դամասկոսի մէջ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Ասատ ալ Շայպանիի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը փոխանցած է Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ զարգացնելու երկկողմ յարաբերութիւնները սուրիական կողմի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններու վերաբերեալ։
Վահան Կոստանեանը հաստատած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու մարդասիրական եւ բարեփոխումներու իրականացման ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւն համարուող տարատեսակ այլ ծրագրերու:
Երկուստեք շեշտուած են Հայաստանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներու միջեւ առկայ պատմական ամուր կապերը: Այս պարունակին մէջ աջակցութիւն յայտնուած է Սուրիոյ մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ ներառականութեան ուղղուած ջանքերուն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ՝ ընդգծելով հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը:
Սուրիական կողմը բարձր գնահատած է ՀՀ պատուիրակութեան այցը Դամասկոս: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շփումները շարունակելու շուրջ: