image

Վագըֆ գիւղի մեր հայրենակիցները կը գիշերեն գիւղի հրապարակին մէջ

 Վագըֆ գիւղի մեր հայրենակիցները կը գիշերեն  գիւղի  հրապարակին մէջ

Խօսելով մեր հայրենակիցներու իրավիճակին մասին Գոչունեան նկատել տուած է, որ զուտ կանխազգուշական միջոցներու դիմելով մեր հայրենակիցները հաւաքուած են գիւղի կեդրոնական հրապարակը, եւ այնտեղ ալ որոշակի յարմարութիւններ ստեղծելով կը գիշերեն։

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեան այսօր հաղորդած է, որ Թուրքիան ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով հայ զոհ մը եւս գրանցուած է։

 Ինկած զոհը եղած է Իսքանատարուն (Աղէքսանտրէթ) քաղաքէն եւ ըստ Գոչունեանի ան մնացած է շէնքի փլատակներուն տակ։

«Ժամանակ»ի գլխաւոր խմբագիրը խօսելով «Արեւելք»ին յատկապէս ըսած է, որ Իսքանատարունի հայերուն թիւը բաւական նօսր է։

Ինչ կը վերաբերի Վագըֆի հայկական համայնքին Գոչունեան նշած է, որ այնտեղ գրանցուած վնասները մեծ չեն ու ներկայիս հանգիստ իրավիճակ կը տիրէ հայկական գիւղին մէջ։

Խօսելով մեր հայրենակիցներու իրավիճակին մասին Գոչունեան նկատել տուած է, որ զուտ կանխազգուշական միջոցներու դիմելով մեր հայրենակիցները հաւաքուած են գիւղի կեդրոնական հրապարակը, եւ այնտեղ ալ որոշակի յարմարութիւններ ստեղծելով կը գիշերեն։

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Թուրքիան հարուածած աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով   զոհերուն  թիւը անցած է 8000-ը։