image

Իրան թիրախ դարձուցած է յորդանանեան ռազմակայանին մէջ գտնուող ամերիկեան կործանիչները

Իրան թիրախ դարձուցած է յորդանանեան ռազմակայանին մէջ գտնուող ամերիկեան կործանիչները

Իրանական հարուածներու հետեւանքով Յորդանանի Մուաֆֆաք Սալթի ռազմակայանին մէջ ամերիկեան քանի մը ռազմական օդանաւեր վնասուած են։ Այս մասին «CBS News»-ին յայտնած են իրավիճակին ծանօթ աղբիւրներ։

Անոնց տեղեկութիւններով՝ շուրջ ութ F-15 կործանիչներ թեթեւ վնասուած են, սակայն անոնք կրկին շահագործման դրուած են։

Անանունութեան պայմանով տեղեկութիւնը փոխանցած աղբիւրները յայտնած են, որ հարուածներէն վնասուած է նաեւ A-10 Thunderbolt գրոհիչ օդանաւը, որ յայտնի է «Warthog» անունով։ Օդանաւը կորսնցուցած է թեւերէն մէկը։

Յորդանանի մէջ Իրանի հարուածներուն հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու շարքերէն զոհերու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։

Միացեալ Նահանգներու յայտարարութեան համաձայն՝ երեքշաբթի ամերիկեան ուժերը հարուածած էին իրանական հինգ լցանաւեր՝ ի պատասխան Իրանի կողմէ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու ռազմանաւուն հասցուած հարուածին։ Ի պատասխան՝ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած էր ութ նաւթատար նաւերու եւ երկու ռազմանաւերու ուղղութեամբ հարուածներ հասցնելու մասին՝ ներառեալ Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը։

«CBS News»-ի տեղեկութիւններով՝ Յորդանանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը իրանական հարուածներէն պաշտպանուելու նպատակով արձակած են աւելի քան 30 «Patriot» հրթիռ։