image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը՝ Նահատակաց հրապարակին վրայ

Պէյրութի մէջ. Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը՝ Նահատակաց հրապարակին վրայ

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կոչին անսալով, Ապրիլ 23-ին, լիբանանահայութիւնը համախմբուած է Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելու իր կամքը` հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին ու աննկուն շարունակելու պահանջատիրական երթը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կոչին անսալով, 23 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, լիբանանահայութիւնը համախմբուեցաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելու իր կամքը` հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին ու աննկուն շարունակելու պահանջատիրական երթը:

Նախքան ձեռնարկը քաղաքական 3 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին տակ` ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն կողմէ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն նուագակցութեամբ:

Հաւաքին հայերէն եւ արաբերէն բացման լեզուով խօսքը արտասանեց Մարի Անն Օհաննէսեան: Ան ըսաւ, որ կրկին հաւաքուած ենք` ոգեկոչելու անցեալ դարասկզբին, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, Իթթիհատի իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրաւորուած եւ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը, նաեւ կը յիշենք նոյն ժամանակաշրջանին, նոյն ոճրագործ կազմակերպութեան եւ նոյն քաղաքական մղումներէն մղուած` ասորի եւ քաղդէացի ժողովուրդներուն դէմ գործադրուած «Սէյֆօ» սպանդները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի արաբ ժողովուրդներուն դէմ իրականացուած բռնութիւնները, արհեստական սովը եւ ցեղասպանութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք հակառակ բոլոր անոնց, որոնք գրաւ դրած էին եւ կը շարունակեն գրաւ դնել ժամանակի թաւալումին վրայ` կարծելով, թէ մեր կամքը պիտի տկարանայ, մեր պահանջատիրութիւնը պիտի յապաղի կամ մոռացութեան պիտի մատնուի, եւ մեր ու նահատակուած ժողովուրդներուն մղած պայքարը պիտի խաթարուի: Օհաննէսեան հաստատեց, որ շրջանային վերջին զարգացումները, ուժերու նոր դասաւորումները, Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ ազդեցութեան աճը մեր պահանջատիրական գործընթացը կը դնեն նոր իրադրութիւններու դիմաց, եւ այս փուլը յաղթահարելու համար մեր ամէնէն ազդեցիկ եւ հզօր զէնքը առաւելագոյն զգօնութիւնն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ազգային միասնականութիւնը` շեշտելով, որ մեր պայքարը համամարդկային է, եւ մեր պահանջատիրութեան մասը կը կազմեն բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու պահանջները, հետեւաբար, մեր սրբադասուած նահատակները մեզի կը հրամայեն միասնականութիւն` ի խնդիր գերագոյն շահերու յաղթանակին:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատմական հոլովոյթը ներկայացնող:

Արաբերէնով խօսք առաւ Լեւոն Բարսեղեան, որ նշեց, թէ թէեւ 110 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, սակայն չենք մոռնար անմեղ սուրբ նահատակները: Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը ուզած է այս տարի Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան նկատմամբ գործադրուած չարչարանքները համընկնեցաւ լիբանանցի ժողովուրդի տառապանքներուն` միեւնոյն ոճրագործին ձեռամբ: Ան յիշեց 1915-ին` Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Լիբանանի դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ, հակառակ այս բոլորին, լիբանանցիները իրենց հացը կիսեց հայութեան հետ:

Ապա Բարսեղեան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ հայութեան վերապրումին մասին` յայտնելով, որ հայերը եղան վարպետ արհեստաւորներ, հիմնեցին դպրոցներ, եկեղեցիներ ու միութիւններ,  երեք կուսակցութիւնները Լիբանանի մէջ ունեցան իրենց կեդրոններն ու ուղեկից միութիւնները, համարկուեցան լիբանանեան ընկերութեան մէջ, մասնակից դարձան Լիբանանի վերազարթօնքին եւ վերակերտման: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը Լիբանանի մէջ ներկայութիւն է անկախութենէն առաջ իսկ եւ այս երկրի խճանկարին անբաժանելի բաղադրիչն է` պահելով իր ինքնուրոյնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, բայց եւ այնպէս շաղուելով լիբանանեան կառուցուածքին մէջ:

Լեւոն Բարսեղեան յիշեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին լիբանանահայութիւնը որդեգրեց դրական չէզոքութիւն եւ կամրջումի դերակատարութիւն ստանձնեց: Անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ կացութեան` ան ըսաւ, որ բազում դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք ներկայիս դրական նշոյլներ կան, իսկ հայութիւնը միշտ կողքին եղած է պետականութեան, օրինականութեան. այս առումով ալ լիբանանահայութեան անունով ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահը` նշելով, թէ հայ համայնքը լիբանանեան ազգային միասնական որոշումներուն կողքին է:

Այս բոլորին զուգահեռ, Բարսեղեան անդրադարձաւ Արցախի շրջափակումին ու արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան, Կազայի մէջ գործուած ոճիրներուն ու կազացիները իրենց հողերէն վտարելու փորձին` շեշտելով, որ այս բոլորը պիտի չպատահէին, եթէ պատմութեան ընթացքին ոճիրները գործողները պատժուէին: Ան նշեց, որ արդի պատմութեան մէջ արձանագրուած ոճրագործութիւններուն հասարակ յայտարարը անպատժելիութիւնն է` յոյս յայտնելով, որ արդարութեան ձեռքը կը հարուածէ յանցագործներն ու կը կասեցնէ հաւաքական սպանդները:

Իր խօսքը եզրափակելով` Լեւոն Բարսեղեան շեշտեց, որ հայութիւնը աշխարհով մէկ, յատկապէս լիբանանահայութիւնը իր ճիտին պարտքը կը նկատէ Հայ դատի հետապնդումը, որմէ պիտի չզիջինք, մինչեւ հասնինք արդարութեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ երկրորդ տեսերիզը, որ կը ներկայացնէ համաշխարհային դէմքերու յայտարարութիւններ Ցեղասպանութեան մասին:

Քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անունով հայերէնով խօսք արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան: Ան ըսաւ, որ 110 տարիներ ետք հաւաքուած ենք յիշելու մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակները, մեր ազգային-հոգեւոր արժէքներու, սրբավայրերու, վանքերու ու եկեղեցիներու, մեր գիւղերու ու քաղաքներու աւերումը, մեր պատմական հայրենիքի մեծագոյն մասին կորուստը` շեշտելով, որ յիշողութիւնը մեր պարտքն է մեր պատմութեան համար, բայց նաեւ մեր պաշտպանութիւնն է մեր ապագային հանդէպ: Ո՛չ միայն յիշելու, այլ նաեւ` հաստատելու եղելութիւնը, թէ երբե՛ք չենք մոռնար: Բայց մենք մեր վէրքերով սահմանափակուած ժողովուրդ չենք: Մենք ենք անոնք, որոնք կեանքը այնքան սիրեցին, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ ետք իսկ` նոր հորիզոններ ստեղծեցին: Մենք յաւերժ  շնչող մշակոյթ ենք, որ դարձեալ երգեց, պարեց ու կառուցեց տուն, դպրոց, ակումբ,  եկեղեցի` իր հայրենի օճախի մոխիրներէն: Մենք ժողովուրդ ենք` որ վերածնունդ առաւ հերոսներու անբիծ պատիւէն, պարզելով ազատագրական պայքարի դրօշը, որովհետեւ հայ ըլլալը միայն ազգութիւն չէ, այլ նաեւ հոգեվիճակ մըն է, որ անխոցելի կը պահէ մեր ոգեկան ու բարոյական ուժը:

«Մենք առհասարակ վրէժ չենք փնտռեր: Մենք արդարութիւն կը պահանջենք, որովհետեւ ներելու իրաւունք չունինք, ուրանալու իրաւունք չունինք, խոնարհելու կամ մոռնալու իրաւունք չունինք: Մեր պայքարը ատելութենէ չի ծնիր, այլ արժանապատուութենէ», հաստատեց Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան` աւելցնելով, որ մեր մայրերը մեզի սորվեցուցին պահել մեր լեզուն, մեր հայրերը իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի մենք ապրինք եւ գոյատեւենք` մինչեւ մեր դատին արդար լուծումը, սերունդներ մահ կամ ազատութեան բոցը վառ պահեցին, ու այսօր նաեւ միասին պիտի շարունակենք այդ բոցը պահել մեր սրտերուն մէջ` Հայաստանէն ներս, թէ սփիւռքի մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ այսօր առաջին Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք, մեր ժողովուրդը նոր վիշտ մը կ՛ապրի: Միջազգային ատեաններու մէջ ուժը փոխարինած է իրաւունքը եւ օրէնքը, եւ մահացու լռութիւնը պատճառ  դարձած է մէկ նոր ցեղասպանութեան, հայրենազրկման ու ցեղային զտումի` մեզ դարձնելով վկաները մարդկութեան բարոյական անկումին` աւելցնելով, որ Արցախը դատարկեցին, պատմական կառոյցներն ու բնակարանները քանդեցին  ու ռազմաքաղաքական ղեկավարները գերեվարեցին: Ան շեշտեց, որ Արցախը սովորական տարածք մը չէ մեզի համար, այլ` մեր արիւնով պահուած ժառանգութիւնն է, մեր վերապրած հոգին է: Թէեւ Արցախը այսօր հայաթափուած է, բայց արցախեան հակամարտութեան քաղաքական լուծման էջը փակուած չէ: Մենք կը պահանջենք արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման հարցը միջազգային օրակարգ վերադարձնել, արդիւնաւէտ դիւանագիտական ճնշում գործադրել` կեղծ դատավարութիւնները դադրեցնելու եւ պատանդները ազատ արձակելու, Արցախի մէջ տեղի ունեցած համակարգուած ցեղային զտումը միջազգային հանրութեան դիմաց իբրեւ Ցեղասպանութիւն  դատապարտել եւ արդար հատուցում պահանջել, ապահովել Արցախի տեղահանուած բնիկ ժողովուրդին  անվտանգ վերադարձը հայրենիք եւ ճանչնալ ինքնորոշման անոր իրաւունքը:

Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը վերադարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ: Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն յստակ ծրագիրը սկիզբ առաւ 1915-ին եւ շարունակուեցաւ այլ ժողովուրդներով, այսօր կը վերարտադրուի այլ ձեւերով, այլ լեզուներով, բայց նոյն լռութեամբ: Մեր պատմութենէն սորված ենք, թէ լռութիւնը ոճրագործին գործակիցն է: Ահա թէ ինչու, իբրեւ ցեղասպանութենէ վերապրած ազգ, մեր բարոյական պարտքն է բարձրաձայնել ու պահանջել արդարութիւն ոչ միայն անցեալին նկատմամբ, այլ նաեւ ներկայ ողբերգութիւններուն դէմ: Հետեւաբար, մեր պայքարը միայն հայութեան պայքարը չէ, այլ նաեւ պայքարն է ամբողջ մարդկութեան:

Բանախօսը ըսաւ, որ 110 տարիներ ետք մենք հոս ենք հաստատելու, որ ոճիրը իր նպատակին չհասաւ ու երբեք պիտի չհասնի: Հայ ըլլալը յիշել է, պայքարիլ է, նաեւ մխիթարել է ուրիշին ցաւը: Հայ ըլլալը, այո՛, պատիւ է, բայց նաեւ պարտաւորութիւն է, որ ներկայիս կը ստիպէ մեզ չլռել:

«Մենք պիտի շարունակենք պայքարը նաեւ` մեր մշակութային ինքնութեան պահպանման, մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ մեր ժողովուրդին արժանապատիւ ու ապահով գոյութեան համար», եզրափակեց Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք աւելի ուշ):

Գեղարուեստական բաժինով կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը`  խմբավարութեամբ  Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, մեկնաբանեց «Հայորդիք», «Զարթիր Լաօ» երգերը, «Խանի երգը» եւ «Գէորգ Չաւուշի երգը»:

Աւարտին հայերէնով եւ արաբերէնով ընթերցուեցաւ հետեւեալ միացեալ յայտարարութիւնը.

«Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման համար, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հրաւէրով, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ հաւաքուած մասնակիցներս կը յայտարարենք.

«Այսօր, Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդներս, կրկին անգամ եկած ենք ոգեկոչելու մեր նահատակներու անմեռ յիշատակը եւ դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ մեր ժողովուրդին դէմ ծրագրուած եւ գործադրուած ոճիրը:

«Կը դատապարտենք նաեւ Օսմանեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ ասորի-քաղդէացիներու, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներու, յոյներու եւ Տերսիմի (Թունճելի) ալեւի քիւրտերու դէմ գործադրուած բոլոր բռնարարքները եւ յանցագործութիւնները:

«Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր ժամանակներուն եւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ ցեղասպանութեան, զանգուածային վայրագութիւններու ու մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու ենթարկուած եւ զոհ դարձած ժողովուրդներուն:

«Համոզուած ենք, որ անցեալ դարասկիզբին իթթիհատականներու իրագործած Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը խթան հանդիսացած է նոր ցեղասպանութիւններուն, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին մեր ժողովուրդին դէմ, եւ անոր վերջին արարն էր Արցախի ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումը` Ազրպէյճանի վարչակազմին կողմէ: Եւ մեզի համար զարմանալի չեղաւ նաեւ Ազրպէյճանի տարած պատմական զեղծարարութեան արշաւը` օգտագործելով քրիստոնեայ աշխարհի հեղինակաւոր հոգեւոր համալսարաններէն մէկուն լսարանը` Արցախի հայկական քրիստոնէական կոթողները ներկայացնելու իբրեւ ուտի-ալպանական յուշարձաններ:

«Մենք կը գիտակցինք, որ արդարութեան համար մղած մեր պայքարը վերազգային է եւ կը հետապնդէ համամարդկային նպատակ` կանխել նման յանցագործութիւններ եւ մարդկային ողբերգութիւններու կրկնութիւնը աշխարհին վրայ:

«Ուստի, մենք կը վերանորոգենք մեր համազգային եւ համամարդկային յանձնառութիւնը` աւելի ուժգին շարունակելու մեր պայքարը յանուն իրաւունքի եւ արդարութեան»:

Հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: