image

Ծնունդին կը ծնին, Ծնունդին չեն մեռնիր 

Ծնունդին կը ծնին, Ծնունդին չեն մեռնիր 

Ծննդեան տօնին խորհրդաւոր ու բարի առաւօտն էր: Շուրջս ամէն բան ուրախութիւն կը յուշէր՝ Կաղանդի ծառին լոյսերը, երեխաներուս ծիծաղը եւ մօտակայ եկեղեցիներէն լսուող շարականները:

Հայրս իր կիրակնօրեայ կապոյտ համազգեստով, բծախնդրօրէն սափրուած ու սանտրուած մազերով, եկեղեցիէն տուն վերադարձած էր: Դէմքին վրայ կ'արտացոլար Ս. Ծննդեան պատգամին օրհնաբեր փայլքը: 

«Հայրի՛կ, կը փայլիս: Քեզմէ պէտք է օրինակ առնեմ եւ գոնէ տօնական օրերուն եկեղեցի յաճախեմ»: Դժբախտաբար, տօնական սեղանին ճաշատեսակներուն պատրաստութիւնը առաջնահերթ մտահոգութիւնս կ'ըլլար: Ամուսինս կը շեշտէր ըսելով, որ տօնական սեղանը պէտք է ճոխ ըլլայ: Երբ որ հարցնէի. «Կարօ՛, այս ճաշատեսակները բաւարա՞ր են»: Առանց մտիկ ընելու նշածներս, կը պատասխանէր. «Ո՛չ, քիչ է, չի՛ բաւեր»: Այդ անբաւարար քանակը՝ օրերով չէր սպառեր...:

Հօրս աղօթքով սկսանք մեր ճաշը, ապա աւետարանական երգացանկէն, հայրս եւ երեխաներս ծննդեան երգեր երգեցին, իսկ ամուսինս՝ Կարօն, կը շեշտէր, թէ առաքելական շարականները ուրիշ են...: Ինքն ալ իր կարգին երգեց՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ շարականը: Ինծի համար երկու երգացանկերն ալ սիրելի են: Աւելի ի՞նչ խնդրէի Աստուծմէն՝ բարիքը առատ, օճախս ուրախ..:

 «Պզտիկնե՛ր, լուացուեցէ՛ք, հագուեցէ՛ք, պէտք է աճապարենք, որպէսզի Կաղանդ Պապուկին հասնինք»: Հայրս նստասենեակ անցած էր ու հեռատեսիլէն սփռուող ոտնագնդակ (Ֆութպոլ) կը դիտէր: Խաղացող խումբերը՝ ՀՄՄ եւ ՀՄԸՄ էին: Թէեւ հօրս նախասիրութիւնը գիտէի, բայց եւ այնպէս հարցուցի. «Հայրի՛կ, ո՞ր խումբը կ'ուզես, որ յաղթէ»: Ծիծաղը դէմքին, զիս գոհացնելու ջանքով ըսաւ. «Երկուքն ալ հայկական խումբեր են, որը որ յաղթէ, կ'ուրախանամ, բայց անշուշտ գիտես...»: Կատակելով ըսի. «Հայրի՛կ, պատասխանդ նման է այն ասացուածքին, որ կ'ըսէ. «Խնձորը կը սիրեմ, բայց տանձը հոգիս է»: Երկուքս ալ հիւմորը սիրող ենք (զուարթամիտ), կատակելով ու խնդալով բաժնուեցանք:

Կաղանդ պապուկին ժամանելիք վայրը՝ արեւմտեան Պէյրութի մէջ, խճողուած ու աղմկալից սրահ մըն էր: Բաւական դժուարութեամբ, ես ու երեք երեխաներս տեղաւորուեցանք...: Յանկարծ, դիմացս կանգ առաւ ամուսինիս մօտիկ բարեկամը՝ Շահէն:

 Ակամայ մարմինս սարսռաց..:

 -Սիլվա՛, պէտք է ձեզ տուն տանիմ, որովհետեւ հայրդ սրտի տագնապ ունեցաւ:

 -Ի՞նչ տագնապ, ի՞նչ բան, տակաւին կէս ժամ առաջ ֆութպոլ կը դիտէր:

 Տուն դարձի ճամբան՝ դար մը տեւեց...: Կարծես սիրտս աքցանի մէջ առնուած էր, իսկ

գանկս՝ փշրող հարուած ստացած:

Վերջապէս հասանք տուն...: Ապշեցնող լռութիւն մը կը տիրէր: Քնացած էր Ֆութպոլ դիտողը, ծննդեան երգեր երգողը, կատակողը, խնամքով սափրուած ու փայլուն դէմքով՝ բարի հայրիկս: Մինչ ես վշտաբեկ ու դառնացած, ոտքերս գետին զարնելով, լացի, պոռացի, յանդիմանեցի. «Այս ի՞նչ հարուած էր, հայրի՛կ: Ծնունդին կը ծնին, Ծնունդին չե՛ն մեռնիր»:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...