Պարզուած է, որ փլուզուած է մայթեզրը, որու հարեւանութեամբ ինչ-որ կազմակերպութիւն շինարարական աշխատանքներ կ'իրականացնէ։
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ փլուզման հետեւանքով, բարեբախտաբար, տուժածներ չկան։
Ողջ գիշեր նշուած հատուածին մէջ ծառայութիւն կատարած են ՀՀ ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան Երեւանի գունդի պարեկները, որպէսզի որոշ վարորդներ չկայանեն մեքենաները նշուած վայրին մէջ, քանի որ վտանգ կայ, որ հնարաւոր է՝ որոշ հատուածի մէջ փլուզումը շարունակուի։
Կայքի հաղորդմամբ, այս պահուն ալ պարեկները նշուած հատուածին մէջ կը շարունակեն իրականացնել ծառայութիւն։