image

Ծաղրածուներու կրկէսի ժամանակը կը մօտենայ աւարտին. Քատիրովը՝ Զելենսքիին

Ծաղրածուներու կրկէսի ժամանակը կը մօտենայ աւարտին. Քատիրովը՝ Զելենսքիին

Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով դիմած է Ուքրանիոյ բնակիչներուն եւ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին:

«Պարո՜ն Զելենսքի, ծաղրածուներու ժամանակը կը մօտենայ աւարտին: Եկած է սեփական ժողովուրդի առջեւ պարտքի կատարման ժամը` անդառնալի հետեւանքներէ խուսափելու համար», գրած է ան` նշելով, որ այսօր «առաւել քան երբեւէ» անհրաժեշտ է կատարել Մինսքի համաձայնութիւնները:

Չեչենիոյ ղեկավարը նաեւ յիշեցուցած է, որ ո՛չ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, ո՛չ ռուսաստանցիները չեն փափաքիր հակամարտութեան մագլցում:

«Դուք, որպէս ձեր ժողովրդի եւ պետութեան Սահմանադրութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր, պարզապէս պարտաւոր էք ընել ձեզմէ կախուած ամէն ինչ … խաղաղութեան հաստատման համար», յաւելած է ան:

Ուքրանիոյ բնակիչներուն ուղղուած ուղերձի մէջ Քատիրով իր հերթին նշած է, որ կը սիրէ այդ երկիրը:

«Ռուսերն ու ուքրանացիները մէկ սլաւոնական ժողովուրդ են` ընդհանուր պատմութեամբ, մշակոյթով եւ կրօնով: Ես երբեք չեմ հաւատար, որ ուքրանացիները իրենց կը համարեն այսպէս կոչուած  «արեւմտեան աշխարհ»ի մաս` իր բոլոր այլասերուած «արժէքներով» եւ ռուսատեաց ջղաձգութեամբ», ընդգծած է Ռուսաստանի տարածաշրջանի ղեկավարը:

Քատիրովը յոյս յայտնած է, որ ուքրանացիները կը վերականգնեն պատմական արդարութիւնը առանց «դուրսէն ոեւէ մէկուն օգնութեան»: