Օրերս Տօնական օրերուն առթիւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս- Պատրիարք Մինասեանին։
Այդ մասին «Արեւելք» իմացաւ վարժարանի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած՝ հաղորդագրութիւնը։
Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Ուրբաթ 26 Դեկտեմբեր 2025-ին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարժարանիս Հոգեւոր Վարիչ՝ Հայր Լեւոն վրդ. Ստեփանեանի եւ Մեծաւոր՝ Արամ Գարատաղլեանի, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին: