image

Ներկայութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին եւ Գոմիթինիի Հոգեւոր Տեսուչ Տ. Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին Տօնական գաթայի հատում կատարուեցաւ (Լուսանկար)

  Ներկայութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին եւ Գոմիթինիի Հոգեւոր Տեսուչ Տ. Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին Տօնական գաթայի հատում կատարուեցաւ (Լուսանկար)

 

Յունահայոց համայնքին մէջ գեղեցիկ աւանդոյթ մը գոյութիւն ունի, որ կը փոխառնչուի տարուան գլխաւոր տաղաւարներուն մէջ։ Այդ աւանդոյթը, որ ինքնին կեանքին նոր աւիշով վերադառնալու խորհրդանիշն է կը կոչուի Գաթայի հատում։ Ու այսպէս Յունաստանի ամենատարբեր քաղաքներուն մէջ այս աւանդութիւնը մարմին կ՚առնէ անշուշտ գլխաւորութեամբը տեղի հոգեւոր տեսուչին, որ նաեւ իր շուրջ կը համախմբէ համայնքի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները։

 

 Օրերս նման արարողութիւն մը տեղի ունեցած Գոմոթինիի հայկական համայնքէն ներս ի ներկայութիւն համայնքի կարող եւ ժրաջան հոգեւոր տեսուչ եւ գաղութի փոխ-առաջնորդ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին եւ անշուշտ Թեմի Բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին։

 

 Ստորեւ այդ մասին ներկայացուցած կարճ լրատւութիւնը։

 

Ուրբաթ, 20 Յունուար 2023-ի, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանի, կատարուեցաւ աւանդական գաթայի կտրում եւ գեղարուեստական յայտագիր։

Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ Գոմոթինիի միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները, թաղային խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան անդամներ, Հ.Գթ. Խաչի վարչութեան ներկայացուցիչները, շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմն ու ծնողները, դպրոցի բարեկամները, հին եւ նոր աշակերտներ։

«Մեսրոպ Մաշտոց» միօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի առակներէն, նաեւ Ծննդեան նուիրուած 2 երգեր, ապա Գոմոթինիի Մշակութային միութեան «Էրեբունի» երգչախումբը ներկայացուց Ծննդեան նուիրուած 2 երգեր։

Համայնքի գծագրութեան ուսուչուհի Լիլի Մաթինեանի կողմէ գծագրուած վաղամերիկ Ճէնի Գասապեանի պատկերը, որ Մշակութային միութեան մէջ 40 տարիներ շարունակ ծառայած ատենապետուհի, լուսահոգի Ճ. Գասապեանի յիշատակին նուիրուեցաւ Մշակութային միութեան։

Յայտագիրի աւարտին, Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց, մաղթելով բոլորին առողջութիւն եւ յաջողութիւն իրենց առաքելութեան մէջ, ապա փոքրիկները դիմաւորեցին Կաղանդ Պապա պարերով, արտասանութիւններով եւ երգերով ստացան իրենց Նոր Տարուան նուէրները։