image

Տնտեսաբան Արմէն Փափազեանը՝ «Finance for the Future» մրցանակի հաւակնորդներու շարքին

Տնտեսաբան  Արմէն Փափազեանը՝ «Finance for the Future» մրցանակի հաւակնորդներու շարքին

Անգլիա հաստատուած ֆինանսական խորհդատու Արմէն Փափազեան հեղինակաւոր «Finance for the Future» մրցանակի յաւակնորդներու շարքին է՝ «Նորարարական գաղափար» (Innovative New Idea) անուանակարգին մէջ։

Արմէն Փափազեան Միացեալ Թագաւորութեան մէջ գործող «Finoptek»  հիմնարկի հիմնադիրն ու տնօրէնն է։ Ինչպէս կը նշուի մրցանակաբաշխութեան կազմակերպաչկան կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ,  Փափազեան առաջ քաշած է արժէքի հետ կապուած նոր սկզբունք՝ փողի տարածական արժէք (Space Value of Money): «Շատ ուրախ եմ այս նախաձեռնութեան համար։ Մրցանակաբաշխութիւնը իսկապէս եզակի հնարաւորութիւն է՝ տարածական արժէքի  մոտելը փորձագիտական լսարանին ներկայացնելու համար»,-ըսած է գիտնականը։

«Finance for the Future» մրցանակաբաշխութիւնը կ'իրականացուի  2012–էն ի վեր։ Հիմնադիր-կազմակերպիչներն են ICAEW  եւ  A4S կազմակերպութիւնները՝ Deloitte ընկերութեան հետ համատեղ։

Յաղթողներու անունները կը յայտարարուին 13 հոկտեմբերին՝ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ։