Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլիփս ընտրուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ։
Ընտրութիւնը եղած է ընկերակցութեան Սահմանադրութեան համաձայն՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Վարչական խորհուրդի կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
7 Դեկտեմբերին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Վարչական խորհուրդը, ընկերակցութեան Սահմանադրութեան համաձայն, իր նոր նախագահը ընտրեց իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլիփսը:
Ֆիլիփս ծնած եւ մեծցած է Լոս Անճելըս: Ան աւարտած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը (USC)՝ ստանալով B.S. վկայականը Գիտական բաժինին մէջ՝ 1980ին, որուն յաջորդած է Իրաւաբանական դոկտորի կոչումը 1985ին։ Ան աշխատակցած է Deloitte ընկերութեան մինչեւ 1987 եւ վկայուած՝ իբրեւ հանրային հաշուապահ, ապա, 1991ին, ստացած է իր անշարժ գոյքի միջնորդութեան արտօնագիրը (Real Estate Broker’s License)։ Ներկայիս ան գործընկերն է Phillips Law Partners, LLP-ի, ուր ան իր մասնագիտութեամբ պատասխանատու է կալուածներու ծրագրումներու եւ խնամակալութեան, անշարժ գոյքի, առեւտրական իրաւունքներու եւ ոչ-շահութաբեր ընկերութիւններու ոլորտին մէջ։ Ան լայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ վստահելի խորհրդատու անհատներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ՝ սոյն ոլորտներուն մէջ իր առաջնորդութեան համար։
Ֆիլիփս երկար ատեն ներգրաւուած է թէ՛ իր եկեղեցւոյ եւ թէ՛ հայ համայնքին մէջ։ Ան երկու անգամ ծառայած է իբրեւ ատենապետ Լոս Անճելըսի Հայ աւետարանական Միացեալ եկեղեցւոյ խորհուրդին եւ ստանձնած է զանազան ղեկավար պաշտօններ՝ ինչպէս խնամակալութեան եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի նախագահ։
ԱՀԱԸին երկար տարիներու աջակից՝ Ֆիլիփս եղած է փոխնախագահ, ատենադպիր, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեան հիմնական յանձնաժողովներու ատենապետ, ինչպէս՝ Անշարժ գոյքի, Հաշուեքննութեան, Սահմանադրութեան, Կանոնագրութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի յանձնաժողովներուն։ ԱՀԱԸի առաքելութեան անոր նուիրուածութիւնը զինք բազմաթիւ անգամներ տարած է Հայաստան՝ իբրեւ ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի պատուիրակութեան մաս, եւ ան ականատես եղած ու աջակցած է ընկերակցութեան ազդեցիկ աշխատանքին։
ԱՀԱԸին ծառայելու կողքին, Ֆիլիփս կը ծառայէ իբրեւ Հայկազեան համալսարանի Հոգաբարձութեան անդամ․ ան եղած է նախկին անդամ Շ․ եւ Է․ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանի Հոգաբարձական խորհուրդին եւ ղեկավար պաշտօններ ունեցած է քրիստոնէական եւ բարեգործական այլ հիմնարկներու մէջ։
Անոր՝ իրաւագիտութեան, տնտեսութեան եւ համայնքային ծառայութեան մէջ ունեցած փորձառութիւնը հարուստ հմտութիւն եւ նուիրուածութիւն կը բերէ իր նոր դերին մէջ։
Ֆիլիփս կը բնակի Լոս Անճելըս իր կնոջ՝ Արսինէ Պետրոսեան Ֆիլիփսի հետ։ Անոնք ունին երեք չափահաս զաւակներ՝ Քրիստինա, Էշլի եւ Ռիչըրտ։ Անոր անսասան նուիրուածութիւնը հաւատքին, ընտանիքին եւ հայ համայնքին պիտի ոգեշնչեն իր տեսլականն ու առաջնորդութիւնը։
Ֆիլիփսի կողքին, ԱՀԱԸի Վարչական խորհուրդի դիւանի նոր անդամներն են՝ տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան՝ փոխնախագահ, դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ գանձապահ եւ իրաւաբան Մարք Գասապեան եւ Ֆիլիս Տոհանեան՝ ատենադպիրներ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ ԱՀԱԸէն)