Միջերկրական ծովուն մէջ ռուսական Ursa Major բեռնանաւ խորտակուած է։ Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան Իրավիճակային եւ ճգնաժամային կեդրոնի Telgram–ալիքի հաղորդագրութեան մէջ։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է նաեւ, որ անձնակազմի 16 անդամներէն կրցած են փրկել 14-ը, անոնց տեղափոխած են Քարթակենայի նաւահանգիստ։ Երկու նաւաստիներ մինչեւ հիմա անհետ կորսուած կը համարուին:
Նաւը կործանուած է Միջերկրական ծովու միջազգային ջուրերուն մէջ՝ Սպանիոյ եւ Ալճերիոյ միջեւ՝ մեքենաներու բաժնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով։
2009 թուականին կառուցուած բեռնանաւը ծով դուրս կու գայ Ռուսիոյ դրօշի ներքոյ։ Նաւը Ս. Փեթերսպուրկէն դուրս եկած է 12 օր առաջ եւ շարժած է դէպի Վլատիվոսթոք, ուր պէտք է ժամանէր յունուար 22-ին։
El Españo թերթի տուեալներով`փրկարարական աշխատանքներուն մասնակցած են նոյն տարածքին մէջ գտնուող քանի մը նաւ, աւելի ուշ որոնողական աշխատանքներուն միացած են սպանական Clara Campoamor փրկարարական նաւը եւ Սպանիոյ ռազմածովային ուժերու պարեկային նաւը։