image

Փութին պիտի մասնակցի Փաշինեանի նախագահելիք նիստին

Փութին պիտի մասնակցի Փաշինեանի նախագահելիք նիստին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վալատիմիր Փութինը դեկտեմբեր 26-ին պիտի մասնակցի Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, որ պիտի վարէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Այս մասին, vedomosti.ru-ի հաղորդմամբ, յայտնած է  Ռուսիոյ նախագահի միջազգային հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքովը։ 

Նիստը պիտի կայանայ Ռուսիոյ Դաշնութեան Լենինկրատի մարզի «Իկորա» լեռնադահուկային հանգստավայրին մէջ։

Այս տարի Հայաստանը կը նախագահէ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ (ԵԱՏՄ): Միջոցառման պիտի մասնակցին նաեւ Ղազախստանի, Պելառուսիոյ եւ Ղրղզստանի, ինչպէս նաեւ դիտորդ երկիրներու՝ Ուզպեքիստանի եւ Քուպայի ղեկավարները։