Բեմադիր Անժելա Ֆրանգեանի «Թութի տնական օղի» ֆիլմը Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցած «Ji.hlava» միջազգային փառատօնի «Նոր տեսլականներ» ֆորումին արժանացած է Current Time TV մրցանակին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Բեմադիր Անժելա Ֆրանգեանի «Թութի տնական օղի» ֆիլմը Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցած «Ji.hlava» միջազգային փառատօնի «Նոր տեսլականներ» ֆորումին արժանացած է Current Time TV մրցանակին։
Բեմադիրը պատերազմէն յետոյ կը վերադառնայ նոյն վայրերը` այս անգամ փնտռելու թթենիի ապրեցնող կեանքի համը։ «Թութի արաղ ունէ°ք»,– պարզ հարցումով կը սկսին թթենիներով հարուստ տարածաշրջանին մէջ ապրող մարդոց պատումները։
Ֆրանգեան՝ ժապաւէնին թէ՛ բեմադիրն է, թէ՛ բեմագիրը եւ թէ՛ արտադրողը:
Ֆիլմը պատրաստուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Շարժանկարի հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ: