Ո՞րն է ժամանակակից մարդու ամենամեծ խնդիրը եւ ի՞նչ պէտք է ընենք անոնցմէ ազատելու եւ երջանիկ ըլլալու համար:
Իրականութեան մէջ, երբ հեռուէն դիտարկենք, ամէն ինչ կարծէք թէ բնականոն հունի մը մէջ է. բոլորս կ՚ապրինք, լաւ թէ վատ եւ կը մտածենք աշխատանքի/դպրոցի մասին: Ուրեմն ո՞րն է խնդիրը։ Ինչպէ՞ս կրնանք երջանիկ ըլլալ: Ո՞րն է ներկայ ժամանակներու մարդոց ամենամեծ խնդիրը եւ ի՞նչ պէտք է ընենք զանոնք կանխելու եւ երջանիկ ըլլալու համար։
Մենք այլեւս չենք ձանձրանար։ Աւելի ճիշդ խօսքով՝ բաւական երկար չենք ձանձրանար։ Ձանձրոյթի դէմ անողոք ու սարսափելի պատերազմ մը կը մղենք։ Ձանձրոյթի դէմ ամբողջական պայքար մը կայ համացանցի, հեռաձայններու, ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու, գնումներու, նախասիրութիւններու, անձնական զարգացման համարներու, դասընթացքներու եւ ընկերային հարկադիր շփումներու միջոցով: Չափազանցութիւն չ՚ըլլար, եթէ ըսենք, թէ մահէն աւելի կը վախնանք ձանձրոյթէն։
Չէ մնացած մէկը, որ կարողանայ ժամերով նայիլ տիեզերքին՝ առանց որեւէ բանի ուշադրութիւն դարձնելու, պառկիլ առանձին։ Գրեթէ բոլորի մօտ նկատելի են «հիփերաքթիւութեան» ախտանշաններ, ուշադրութեան պակաս, ձանձրոյթի նկատմամբ ծայրայեղ խոցելիութիւն, շփոթութիւն մտածումներու եւ երազանքներու շարք, որոնք հնարաւոր չէ կարգի բերել, անհամբերութիւն, գործեր կատարելու շտապողականութիւն եւ յարմարուելու ջանքեր…
Ի հարկէ, ժամանակակից անհատը պէտք է շփոթած ըլլայ, պէտք է ամէն ինչին նայի, բայց ոչինչ տեսնէ. նայիլը կուրութեան ամենատարածուած ձեւերէն մէկը դարձնէ: Երբեմն տեսնելու համար աչքերը փակել պէտք է: Մեր աչքերը չափազանց բաց են, չափազանց հետաքրքրուած: Սա պէտք է ըլլայ ներկայ ժամանակներու յատուկ կուրութեան ձեւ մը: Բայց այս կուրութեան մէջ կ՚իյնանք կամովին եւ ոչ թէ կոյր ըլլալու, այլ յաւերժական տեսողութիւն ունենալու համար։ Ամէն ինչ տեսնելու ցանկութիւնը կը յանգեցնէ ոչինչ տեսնելու:
Կը կարծեմ, թէ այս կործանարար ճանապարհորդութիւնը կը սկսի ձանձրոյթի հանդէպ անհանդուրժողականութենէն։ Մարդ պէտք է կա՛մ տոմսակ առնէ, կա՛մ սահեցնէ պաստառի լուսանկարները, կա՛մ հանդիպի, կա՛մ գնէ, կա՛մ վաճառէ, կա՛մ սորվի, կա՛մ արձանագրուի, կա՛մ դիտէ, բայց միանշանակ պէտք չէ ձանձրանայ: Օրինակ, այսօր շատեր չեն գիտեր, թէ մարդիկ ինչ ըրած են կամ ինչպէս ապրած են առանց այն գործիքներու, որոնք ունենալու սկսած են քսան տարի առաջ: Մնացեալի համար այդ ժամանակները պարզապէս սարսափելի յիշողութիւններ են, որովհետեւ կը յիշեն, որ կը ձանձրանան: Ժամանակակից մարդը ի վիճակի է ամէն ինչ զոհաբերել ինքզինք չյիշելու համար։ Կը թուի, թէ ժամանակակից մարդը կը քնանայ՝ չձանձրանալու համար։
Արդեօք ո՞րն է երջանիկ կեանքի բանաձեւը:
Ես չեմ ըսեր, թէ «հետապնդենք փոքրիկ բաները, որպէսզի երջանիկ ըլլանք», քանի որ այս բոլորը կրնան վերածուիլ մեծ գլխացաւանքի: Բայց ունինք քանի մը այլընտրանք։
Վերականգնեք մարդոցմէ մեր սպասումները. երբ վերանայիք ձեր սպասումները, չէք տխրիր:
Ընկերային ցանցերու մէջ երկար ժամանակ մի՛ անցընէք. եթէ լուրջ վերաբերիք բոլոր այն մարդոց, որոնք Instagram-ի մէջ անընդհատ կ՚ըսեն. «Մենք հիանալի արձակուրդ մը կ՚ընենք», ապա կը կործանէք ձեր հոգեբանութիւնը։ Ճշմարտութիւնը այն է, որ նոյնիսկ այդ մարդոցմէ շատեր կը թաքնուին իրենց իսկ արձակած լուսանկարներու ետին։
Սիրով զբաղեցէք ձեր նախասիրութիւններով. եթէ նախասիրութիւն ունիք, կարիք չկայ սէր փնտռելու: Ձեր սիրած բաները ընելը առնուազն աւելի առողջ է, քան աշխարհի միլիոնաւոր մարդոց հետ անհարկի յուզական կապեր ստեղծելը:
Անընդհատ կասկածի տակ մի՛ դնէք ամէն ինչի իմաստը. կեանքը հարցականի տակ դնելը լաւ բան է, բայց եթէ մտածէք, թէ «ինչո՞ւ այստեղ եմ, ո՞րն է այս կեանքի իմաստը», կը յայտնուիք անքակտելի փոսի մը մէջ։ Երբեմն խմեցէք ձեր սուրճը եւ ըսէք. «սա պահուն կեանքի իմաստը տաք սուրճ խմելն է»:
Ամէն ինչ կատարեալ չ՚ըլլար ծրագրելով: Անակնկալները աւելի շատ կը յիշուին։
Ընտրողական եղէք, բայց մի՛ չափազանցէք՝ զգոյշ եղէք ընկերներ ընտրելու ժամանակ։ Կեանքը աւելի տանելի կը դառնայ քանի մը մարդոց հետ, որոնց հետ կրնաք հաճելի ժամանց ունենալ:
Ապրեցէք ձեր սեփական ընթացքով. հարկաւոր չէ արագ երթալ: Ազատուեցէք «Ես պէտք է գագաթնակէտին հասած ըլլայի երեսուն տարեկանին» կամ «Ես պէտք է աշխարհը շրջած ըլլայի մինչեւ յիսուն տարեկան» արտայայտութիւններու ճնշումէն։ Գտէք ձեր սեփական ընթացքը, ապրեցէք համապատասխանաբար: Ոչ ոք պարտաւոր է քալել ուրիշի մը ընթացքով:
Դադրեցէ՛ք սիրել տրամա. կեանքը արդէն լի է տրամաներով, կարիք չկայ անհանգստանալու ուրիշներու ձեր մասին մտածումներու մասին։ Հեռացուցէք բացասական ուժերը, հանգիստ նստէք: Կեանքը ֆիլմաշարի փոխարէն, խաղաղ վէպի մը նման ապրեցէք։
Դադրեցէ՛ք մտածել անցեալի մասին, շատ մի՛ մտածէք ապագայի մասին. եթէ դուք յայտնուած էք անցեալի մէջ խրուած դէպքերու մէջ, սա ձեր տխրութեան երաշխիքն է: Ինչ կը վերաբերի ապագային, չենք գիտեր։ Իսկ ինչո՞ւ անհանգստանալու կարիք ըլլայ։ Թող կեանքը հոսի։
Երախտապարտ եղէք, բայց մի՛ գոհանաք. ձեր ունեցածի համար երախտապարտ ըլլալը լաւ է, բայց բացայայտելու, յայտնաբերելու մարդկային ցանկութիւնը երբեք չի վերջանար։ Աշխարհ արդէն չափազանց մեծ է փոքր դժուարութիւններու մէջ մոլորուելու համար: Ընդարձակեցէք ձեր մտահորիզոնները, մի՛ վարանիք նոր բան մը փորձելէ:
Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս