Այսօր պայթում որոտացած է Թուրքիոյ Պալըքեշիր նահանգի պայթուցիկ նիւթերու գործարանին մէջ։ Այս մասին յայտնած է նահանգապետ Իսմայիլ Ուսթաօղլուն։
Անոր խօսքով՝ պայթումի հետեւանքով 12 մարդ զոհուած է, երեքը՝ վիրաւորուած են։
«Քարեսի շրջանի գործարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով 12 քաղաքացի զոհուած է, երեքը՝ վիրաւորուած են», –ըսած է նահանգապետը։
Ան նաեւ բացառած է վնասարարութեան հաւանականութիւնը։