image

Times պարբերականին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը՝ Հայաստանի մասին

Times պարբերականին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը՝ Հայաստանի մասին

«The Times» հանդէսի նորաճաշակութեան տնօրէն Աննա Մըրֆի ուշագրաւ յօդուածով մը կը պատմէ դէպի Հայաստան կատարած իր առաջին պտոյտի տպաւորութիւնները, ներկայացնելով երկրի գայթակղիչ հմայքին, հնագոյն մշակոյթին եւ բնութեան եզակիութեան մասին իր դիտարկումները։ Կը խօսի լեռնապատ Դիլիջանի մէջ անցուցած առաջին օրուայ, ժամանակի ընթացքին «մաշած» հէքիաթային տուներու մասին։ Ընթերցողներուն հետ կը բաժնէ իր ապրած անմոռանալի օրերու յիշողութիւնները, յիշեցնելով որ Հայաստան՝ Ասիոյ եւ Եւրոպայի խաչմերուկի վրայ, Արեւմուտքի, Արեւելքի եւ Խորհրդային անցեալին հետքերը կը կրէ, եւ ամէն քաղաքակրթութիւն իրեն յատուկ հոգիով այս հետքերը վերափոխած է։

Լրագրողուհին կը նշէ որ պտուղի ծառեր, բանջարեղէնի պարտէզներ եւ ամէն ճաշին առընթեր մատուցուած թարմ բանջարեղէններ երկրին խոհանոցական մշակոյթը կ'արտայայտէին. մածունի զանազան տեսակներ կային՝ տարբեր համերով։

Յօդուածագիրը սապէս կը շարունակէ. «Երկրի իսկական հպարտութեան աղբիւրը դարաւոր վանքերն են։ Հայկական եկեղեցիները բոլորովին այլ հմայք մը ունին։ Հոս նկարներու տեղ քանդակուած խաչքարերը աղօթքի էութիւնը կ'արտայայտեն։ Հայաստանի մէջ կրօնական ճարտարապետութեան վեհութիւնը միայն զարդարանքներէն չի բխիր, այլ չափէն եւ բնութեան հետ հաստատած յարաբերութենէն։ Նորավանքը, որպէս 13րդ դարու կառոյց, ծուարած է ապառաժներու միջեւ։ Տաթեւ վանքն ալ երկրի հարաւային դարպասի՝ Սիւնիքի խորհրդանիշն է իր վեհութեամբը եւ եզակի դիրքով»։

 

Նիւթը՝ «Նոր Մարմարա»էն