image

Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին պիտի վերաբացուի Սուրբ Զատիկին

Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին պիտի վերաբացուի Սուրբ Զատիկին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանը օրերս այցելած է Տիարպէքիր։ Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը թուրք-քրտական ընդհարումներու ժամանակ աւերուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին ծանօթանալէ ետք այցելած է նաեւ Տիարպէքիրի նահանգապետ Միւնիր Քարալօղլուին։

Տիարպէքիրի նահանգապետը հետաքրքրուած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուող վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքով։ Հանդիպման ընթացքին երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծուած է, որ եկեղեցւոյ նորոգման աշխատանքները կանոնաւոր կերպով յառաջ կ'ընթանան, եւ նոյն կերպ շարունակուելու պարագային անոնք արդէն գարնան աւարտին կը հասցուին։

Նաեւ շեշտուած է, որ կը նախատեսուի եկեղեցին վերաբանալ Սուրբ Յարութեան տօնին՝ Զատիկի օրը։ Ըստ Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան՝ Տիարպէքիրի նահանգապետը առաջարկած է վերականգնել նաեւ Տիարպէքիրի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին։ 

Յիշեցնենք, որ 2015-ի վերջաւորութեան սկսած թուրք-քրտական ընդհարումներու ժամանակ Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին մեծ վնաս կրած էր։ Եկեղեցւոյ վերականգման աշխատանքներուն կ'աջակցի նաեւ թրքական պետութիւնը։ Վերանորոգումը սկսած է 2019-ին։