image

Թուրքիոյ ընտրողներուն 58 առ հարիւրը դէմ է գործող նախագահ Էրտողանին

Թուրքիոյ ընտրողներուն 58 առ հարիւրը դէմ է գործող նախագահ Էրտողանին

Թրքական «Yöneylem» ընկերաբանական ընկերութեան տնօրէն Տերիա Քէոմուրճուն հրապարակած է կազմակերպութեան իրականացուցած վերջին հարցումներու արդիւնքները: Այս մասին տեղեկացուցած է ermenihaber.am-ը։

Հարցման արդիւնքներէն պարզ կը դառնայ, որ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի վարկանիշն այս պահուն բաւարար չէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն վերընտրուելու համար: Մասնաւորապէս հարցուածներու 58%-ն ըսած է, որ այլեւս երբեք ձայն պիտի չտայ Էրտողանին: Հարցուածներու միայն 30%-ն ըսած է, որ միանշանակ պիտի ընտրէ Էրտողանը:

«Թուրքիան ինչպէ՞ս կը կառավարուի» հարցին քաղաքացիներու 63,7%-ը պատասխանած է՝ վատ: 12,4%-ը կարծիքով՝ ոչ լաւ, ոչ՝ վատ: Միայն 23,1%-ը կը կարծէ, որ լաւ կը կառավարուի:

«Ո՞վ կրնայ լաւ կառավարել տնտեսութիւնը» հարցին ի պատասխան՝ քաղաքացիներու 46,3%-ը պատսխանած է՝ ընդդիմութիւնը: 35%-ի կարծիքով ալ իշխանութիւնը լաւ կը կառավարէ: Իսկ 10,1%-ն ալ կը կարծէ, որ ոչ մէկն ալ լաւ չի կառավարեր:

Յիշեցնենք, որ 2023-ի յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները։