Թրքական ընդդիմութիւնը փետրուարին պիտի յայտարարէ գալիք նախագահական ընտրութիւններու իր միասնական թեկնածուին անունը, տեղեկացուցած է կառավարամէտ Hürriyet թերթի սիւնակագիր Ապտուլքատիր Սելվին։
«Նախագահի ընդհանուր թեկնածուի, ընտրական դաշինքի ձեւի եւ վեց ղեկավարներու մանթատի համատեղ յայտարարութիւնը նախատեսուած է փետրուարին»,- տեղեկացուցած է ան։
Կառավարող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ) եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը (ԱՇԿ) մինչ այդ ձեւաւորած էին «Ժողովուրդի դաշինք»ը։ Թուրք ազգայնականներու առաջնորդ Տէվլեթ Պահչելին տեղեկացուցած է, որ գալիք նախագահական ընտրութիւններուն նախագահ Թայէպ Էրդոտանը պիտի ըլլայ «Ժողովուրդի դաշինք»-ի թեկնածուն։ Ինքը՝ նախագահը, երկար ժամանակ չէր խօսած իր առաջադրման մասին, բայց կողմնակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ բոլորի համար անսպասելի յայտարարած է, որ մտադիր է պայքարիլ պետութեան ղեկավարի պաշտօնի համար, հիմնական մրցակցին՝ ձախ կեդրոնամէտ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին կոչ ընելով յայտարարելու ընդդիմութեան թեկնածուի անունը։ Ընդդիմութիւնն առայժմ չէ նշած իր թեկնածուի անունը։
Միեւնոյն ժամանակ, տեղի ունեցած են վեց ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներու պարբերական հանդիպումներ, որոնց մասնակցած են պահպանողական-ազգայնական «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեները, աջ պահպանողական սիւննի «Երջանկութիւն» կուսակցութեան նախագահ Թեմել Քարամոլլաօղլուն, քեմալական-պահպանողական դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Կիւլթեքին Ույսալը, լիպերալ «Ժողովրդավարութիւն եւ բեկման կուսակցութեան» առաջնորդ Ալի Պապաճանը եւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, «Ապագայ» կուսակցութեան ղեկավար Ահմետ Տաւութօղլուն:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւնները առաջին հանդիպումէն ետք յայտարարած են, որ կը պատրաստեն յուշագիր՝ երկրի «կառավարման ուժեղացուած խորհրդարանական համակարգի» անցման մասին։
Հերթական համընդհանուր ընտրութիւնները Թուրքիոյ մէջ (միաժամանակ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ) նախատեսուած են 2023-ի յունս 18-ին։ Մինչ այդ Էրտողան հնարաւոր համարած էր աւելի շուտ ընտրութիւններու կայացումը՝ «հաշուի առնելով սեզոնային պայմանները»։