Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցը բովանդակային էր եւ օգտակար: Այսպէս բնորոշեց իր եւ Էրտողանի հեռախօազրոյցը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հանրային Հեռուստաընկերութեան եթերին:
«Խօսակցութիւնը խիստ պաշտօնական էր: Էրդողանի հետ խօսակցութիւնը բովանդակային էր եւ օգտակար։
Փոխադարձաբար մի շարք նրբութիւններ կան։ Կարեւոր է նաեւ, որ դրանց վերաբերեալ, դիրքորոշումների, գնահատականների վերաբերեալ լինի մշտական հաղորդակցութիւն»,- ամփոփած է ան: