image

Թուրքիոյ մէջ կանգնեցուցած են Եւրօ-2024-ին «Գորշ գայլեր»ու ժեսթը ցուցադրած ֆութպոլիստի արձանը

Թուրքիոյ մէջ կանգնեցուցած են Եւրօ-2024-ին «Գորշ գայլեր»ու ժեսթը ցուցադրած ֆութպոլիստի արձանը

Թրքական Պոլի քաղաքին մէջ տեղադրած են ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Մերիհ Տեմիրալի արձանը։ Ան յաւերժացուած է «Գորշ գայլեր» ազգայնական կազմակերպութեան ժեսթը ցուցադրած ատեն։ Տեղեկութիւնը յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Թուրք ֆութպոլիստը Եւրօ-2024-ի ժամանակ որակազրկուած է երկու խաղով, քանի որ Աւստրիոյ հաւաքականի նկատմամբ տարած յաղթանակը տօնած ժամանակ խաղադաշտին վրայ ցուցադրած էր այս ժեսթը։

Տեմիրալ նաեւ X ընկերային հարթակով հրապարակած էր իր լուսանկարը, ուր ցուցադրած է «Գորշ գայլեր»ու ժեսթը եւ գրած. «Ինչքան երջանիկ է ան, որ կրնայ ըսել, որ թուրք է»:

Թուրքիոյ եւ Աւստրիոյ հաւաքականներու միջեւ խաղը կայացած էր 2 յուլիսին: Հանդիպումը աւարտած էր 2:1 հաշիւով՝ յօգուտ Թուրքիոյ։ Իսկ յաջորդ խաղին Թուրքիան նոյն` 2։1 հաշիւով պարտութիւն կրած է Հոլանտայի հաւաքականէն ու դուրս մնացած Եւրօ-2024-ի հետագայ պայքարէն։