Ապրիլ 24ի առիթով կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելու մեղադրանքով դատուող Տիգրանակերտի Փաստաբաններու կաճառի նախկին նախագահ Նահիթ Էրեն եւ վարչական խորհուրդի անդամները վեցերորդ անգամը ըլլալով անպարտ հռչակուած են:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պոլիս հրապարակուող՝ «Ակօս», որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Ապրիլ 24ի առիթով կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելու մեղադրանքով դատուող Տիգրանակերտի Փաստաբաններու կաճառի նախկին նախագահ Նահիթ Էրեն եւ վարչական խորհուրդի անդամները վեցերորդ անգամը ըլլալով անպարտ հռչակուեցան:
Էրեն եւ վարչական խորհուրդի 10 անդամները 2021ին «Մեծ աղէտի ցաւը կիսելով» վերնագիրով յայտարարութեան պատճառով յարուցուած դատական գործի դատաքննութիւնը անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ: Դատը բացուեցաւ «Պետութիւնը եւ իր մարմինները հրապարակաւ նուաստացնելու» մեղադրանքով:
Դատաքննութեան ընթացքին, Էրեն եւ այդ օրերու վարչական խորհուրդի անդամներէն վեցը ներկայ էին:
Դատավարութեան հետեւեցան Տիգրանակերտի Փաստաբաններու կաճառի ներկայ նախագահ Ապտիւլքատիր Կիւլեչ, խորհուրդի վարչական անդամները, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւունքներու միութեան, Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու հիմնարկի, Փաստաբանները ազատութեան համար ընկերութեան Տիգրանակերտի մասնաճիւղերու եւ «Հաք Ինիսիատիֆի» կազմակերպութեան Տիգրանակերտի ներկայացուցչութեան ղեկավարները եւ անդամները:
Դատավարութեան ընթացքին, դատախազութիւնը «յանցագործութեան օրինական տարրերը չկազմուելու» պատճառով բոլոր մեղադրեալներուն արդարացումը պահանջեց:
Էրեն նշեց, որ իրենց նպատակը Թուրքիոյ անցեալին հետ առերեսուելը եւ ընկերութեան բոլոր հասարակական հարցերուն ուշադրութիւնը գրաւելն էր: Դատարանը բոլոր մեղադրեալներուն համար արդարացում վճռեց:
Տիգրանակերտի փաստաբաններու կաճառը արդէն նախապէս նոյն մեղադրանքով հինգ անգամ դատուած եւ արդարացուած է: