image

Թուրքիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր. 60 մարդ ձերբակալուած է

Թուրքիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր. 60 մարդ ձերբակալուած է

Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր մարդիկ դուրս եկած են փողոց`արտայայտելու իրենց բողոքը ընդդիմադիր կուսակցական քաղաքապետերը ձերբակալելու եւ անոնց փոխարէն իշխանական հոգաբարձուներու նշանակման դէմ:

Այս մասին յայտնած է ermenihaber.am-ը:

Ցոյցերը կ՚իրականացուին երկրի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող Մարտին, Պաթման եւ Հալֆեթի քաղաքներուն մէջ, ուր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ նշանակուած էին հոգաբարձուներ (դրածոյ):

Հարկ է նշել, որ նոյեմբեր 4-ին քաղաքապետարաններու դիմաց տեղի ունեցած ցոյցերուն միջամտած է ոստիկանութիւնը եւ բիրտ ուժ կիրառած:

Նշուած է, որ ոստիկանութեան կողմէ օգտագործուած է պղպեղային կազ եւ ջրցան: Ընդհանուր առմամբ, ամենաքիչը ձերբակալուած է 60 մարդ, այդ շարքին՝ «Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» (DEM) եւ «Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութեան» ղեկավար շրջանակներ:

Ցուցարարներու մէջ եղած է նաեւ «DEM» կուսակցական, Պաթմանի համանախագահ, կին քաղաքական գործիչ Կիւլիստան Շէոնուքը, որ թրքական լրատուական «Bianet» գործակալութեան հետ զրոյցին ըսած է.

«Մենք այստեղ պիտի ըլլանք, քանի դեռ այդ որոշումը չէ չեղարկուած: Այստեղէն ոչ մէկ ետ քայլ պիտի ընենք»: 

Նշենք, որ ընդդիմադիրներու եւ իշխանութիւններու միջեւ վերջին (մարտ 31) տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք անհաւասարակշռութիւն ձեւաւորուած է. Հակառակ որ խորհրդարանական եւ կառավարական իշխանութիւնը կը շարունակէ մնալ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ԱԶԿ) ձեռքը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու պաշտօններուն աւելի շատ ընտրուած են ընդդիմադիր գործիչներ, որն ալ կ՚ուղեկցուի ընդդիմադիրներու նկատմամբ տարրատեսակ բռնաճնշումներով եւ ձերբակալութիւններով: