image

Թուրքիոյ մէջ. Արդարադատութեան նոր նախարար նշանակած են

Թուրքիոյ  մէջ. Արդարադատութեան նոր նախարար նշանակած են

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար՝ Ապտուլհամիտ Կիւլ յայտարարած է իր հրաժարականի մասին, որու պատճառները չէ նշած, գրած է «Ինթըրֆաքս»-ը։

«Մեր յարգարժան Նախագահի հաւանութեամբ ես հրաժարական կու տամ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն, ուր ծառայած եմ 2017 թուականի 19 Յուլիսէն», - գրած է ան շաբաթ օր Թուիթըրեան էջով։

Կիւլ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին՝ իր հրաժարականը ընդունելու համար։

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը կը ղեկավարէ Պեքիր Պոզտաղ, որու նախարար նշանակումը նշուած է նոյն նախագահի հրամանագրով, որով հաստատուած է Կիւլի հրաժարականը։

Պոզտաղ նախապէս գրաւած է Թուրքիոյ դատաւորներու բարձրագոյն քոլեճի նախագահի պաշտօնը, եղած է նաեւ փոխվարչապետ: