image

Թուրքիոյ մէջ անտառային հրդեհները մարելու դժուարութիւններ կան

Թուրքիոյ մէջ անտառային հրդեհները մարելու դժուարութիւններ կան

Թուրքիոյ Սաքարիա, Պիլեճիք, Էսքիշեհիր, Իզմիր եւ Քարապուք նահանգներուն մէջ բռնկած անտառային հրդեհները մարել դեռ չեն յաջողած:

Այս մասին գրած է ermenihaber.am-ը:

Քամիի հետեւանքով արագ տարածուող կրակի մարման աշխատանքները կը կատարուին օդէն ու ցամաքէն։ Շարք մը գիւղերու մէջ տեղի իշխանութիւնները որոշած են տարհանել բնակիչները։

Ամենաուժգին հրդեհներէն մէկը գրանցուած է Սաքարիայի Կեյվէ եւ Փամուքովա շրջաններու միջեւ, որու հետեւանքով կրակը հասած է հարեւան Պիլեճիք նահանգի գիւղերը։ Նահանգի Քազանճը գիւղին մէջ կրակը բնակելի տուներէն հեռու է ընդամէնը 75 մեթր:

Իզմիրի Ուրլա շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Էսքիշեհիրի ու Քարապուքի շարք մը հատուածներու մէջ նոյնպէս հրդեհաշիջման աշխատանքներն աշխուժ փուլի մէջ են: Էսքիշեհիրի մէջ կանխարգելման նպատակով տարհանուած է նաեւ Աֆիոնքարահիսար շրջանի գիւղերու բնակչութիւնը։