image

Թուրքիոյ մէջ. 4 օրէ ի վեր թուղթի ամեհի գործարան մը կ՚այրի

Թուրքիոյ մէջ.  4 օրէ ի վեր թուղթի  ամեհի գործարան  մը կ՚այրի

Արդէն չորրորդ օրն է՝ Թուրքիոյ Այտըն քաղաքին մէջ թուղթի գործարան կ՚այրի։ Տեղեկութիւնը յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Հրդեհը բռնկած է յուլիս 12-ին, բայց մինչեւ այսօր հրշէջները չեն կրնար մարել այն։

Սաստիկ քամիի պատճառով կրակը սկսած է արագ տարածուիլ, իրավիճակը դուրս եկած է վերահսկողութենէ։

Հրդեհաշիջման աշխատանքները միայն քանի մը ժամով կ՚ընդհատուին գիշերը։

Գործարկուած է նաեւ օդուժը։