Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 147 մարդ ձերբակալած է «Իսլամական պետութեան» հետ կապեր ունենալու կասկածանքով՝ յայտնած է երկրի ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան։
Անոր տուեալով՝ գործողութիւնն իրականացուած է Թուրքիոյ 30 նահանգի մէջ։ Առգրաւուած են զգալի քանակութեամբ փաստաթուղթեր եւ թուային կրիչներ, որոնք կը վերաբերին «Իսլամական պետութեան» գործունէութեան։
Թուրքիոյ ՆԳՆ ղեկավարը նաեւ յայտնած է, որ անցած տարուան ապրիլ 1-էն մինչեւ այս տարուան մարտ 25-ը «Իսլամական պետութեան» դէմ իրականացուած է 1329 գործողութիւն, որոնց ընթացքին ձերբակալուած է 2919 մարդ՝ ահաբեկչական կազմակերպութեան մասնակցութեան կասկածանքով: Անոնցմէ 692-ը կալանաւորուած է դատական իշխանութիւններու որոշմամբ։