Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ խոստովանած է, որ Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութիւնը մասնակցած է Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին ընդդէմ Արցախի։
Թրքական Haberler–ի հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան համար նախատեսուող պիւտճէի քննարկումներու ժամանակ Թուրքիոյ փոխնախագահ՝ Ֆուաթ Օքթայ յայտնած է, որ Թուրքիոյ Ազգային հետախուզութեան ծառայութիւնը (MIT) աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է թէ՛ Լիպիոյ, թէ Ղարաբաղի եւ թէ Աֆղանիստանի մէջ Թուրքիոյ շահերու օգտին եւ տարածաշրջանի ուժերու հաւասարակշռման համար։