image

Թուրքիոյ հետ մերձեցման գործընթացը տեղքայլի մէջ. Պաշշար Ասատ

Թուրքիոյ հետ մերձեցման գործընթացը տեղքայլի մէջ. Պաշշար Ասատ

Այս պահուն Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մերձեցման գործընթացին մէջ առաջընթաց չկայ՝ չնայած միջնորդներուն՝ ի դէմս Ռուսիոյ, Իրանի եւ Իրաքի ջանքերուն։

Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ։

«Ռուսիա, Իրանն ու Իրաքը Թուրքիոյ հետ հաշտեցման նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած են, եւ մենք դրական արձագանգած ենք անոնց, սակայն ոչ մէկ առաջընթաց արձանագրուած է՝ հակառակ միջնորդներու անկեղծութեան»,-ըսած է Ասատ:

Սուրիոյ ղեկավարը նշած է, որ երբ պայմանաւորուածութիւնները ձեռք կը բերուին, կը յայտարարուին համատեղ յայտարարութեամբ, որ կը դառնայ համատեղ յարաբերութիւններու հիմքը եւ կը ներառէ բանակցութիւններ՝ մերժելով կողմերէն որեւէ մէկու կողմէ երկակի չափանիշներու կիրառումը։

«Ճիշդ չեն թուրքերու յայտարարութիւններն այն մասին, որ Սուրիան պատրաստ չէ բանակցութիւններու նախքան Սուրիոյ տարածքէն թրքական ուժերու դուրս ելլելը։

Կարեւոր է, որ մենք ունենանք յստակ փուլեր, եւ ցանկացած նախաձեռնութեան հիմքը պէտք է ըլլայ ինքնիշխանութիւնը»,-նշած է Ասատ։