image

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նոր Նախարար ՝ Շիրինօղլու Մօտէն Առնչուած է Հայ- Թրքական Խնդիրներուն

Թուրքիոյ  Արտաքին Գործոց Նոր Նախարար ՝ Շիրինօղլու   Մօտէն Առնչուած է Հայ- Թրքական   Խնդիրներուն

Թուրքիա-  («Անատոլու» Պոլիս - «Արեւելք»- Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողան վաւերացուց վարչապետ Ահմատ Տաւուտօղլուի ներկայացուցած անցումային կառավարութեան կազմը: Նոր կառավարութեան մէջ երեքական  նախարարներով ներկայացուած են ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնները: Արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆէրիտուն   Հատի Շինիրլիօղլու դարձաւ արտաքին գործոց նախարար:  Նշենք, որ  Շիրինօղլու  2010-ի Ապրիլին այցելած էր Երեւան եւ նամակներ փոխանցած օրին վարչապետ Էրտողանէն: Ան տեսակցած էր նախագահ Սարգսեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին հետ:  Անցումային կառավարութեան փոխ վարչապետ  դարձած է Թիւրկիւլ Թիւրքէշ: