Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ աւարտած է Իրանի տարածքին օդային հարուածներու լայնածաւալ ալիքը, որու նպատակն եղած է զէնքի արտադրութեան հզօրութիւններու ոչնչացումը։ Այդ մասին յայտնած է The Times of Israel-ը։
«Հարուածները թիրախաւորած են Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը, Պահակագունդի «Քուտս» ուժերուն եւ Իրանի զինուած ուժերուն պատկանող ենթակառուցուածքները։
«Թիրախային հարուածներ հասցուած են Իրանի տարածքին մէջ զէնքի արտադրութեան բազմաթիւ կառոյցներու», - նշուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ։