image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ 424 մտաւորականներ կը զօրակցին ՝ Կարօ Փայլանին

Թուրքիոյ 424  մտաւորականներ կը զօրակցին ՝ Կարօ Փայլանին

Թուրքիոյ մէջ, խումբ մը մտաւորականներ տարածած են միացեալ  յայտարարութիւն մը՝ թրքական իշխանութիւնները յորդորելով քայլերու ձեռնարկել եւ բացայայտել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ 2016ին ծրագրուած եւ չիրագործուած մահափորձի ծրագիրը:

Շաբաթներ առաջ, թուրք փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճեն իր ընկերային ցանցերու էջերէն մէկուն վրայ գրած է, թէ Թուրքիոյ յատուկ ջոկատային ուժերու նախկին գնդապետներէն մէկը տակաւին 2016ին, Փայլանը սպաննելու ծրագիր ունեցած է, սակայն անիկա չէ իրականացած:

Հայ երեսփոխանը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան, բայց պատկան մարմինները տակաւին ընթացք չեն տուած գործին:

Փայլանի հաղորդումէն ետք, Ինճեն այլ հրապարակում մը կատարած է «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ՝ գրելով. «Պատգամաւորը խորհրդարանին մէջ երկու անգամ թիրախ դարձած է, սակայն հրաժարած են սպաննել զայն, որպէսզի հերոս չդառնայ»:

Փայլանին աջակցող յայտարարութիւնը ստորագրած 424 անձեր, որոնց կարգին գրողներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական գործիչներ, իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են կառավարութեան, քաղաքական կառոյցներուն եւ ամբողջ Թուրքիոյ՝ քայլերու ձեռնարկելու խորքային պետութեան եւ մաֆիական ուժերու դէմ եւ բացայայտելու Փայլանի մահափորձի ծալքերը:

«Այս մութ ուժերուն անխոհեմութիւնը կ՛ամրապնդէ այն, որ անոնք վստահ են, թէ պիտի չենթարկուին քրէական պատժամիջոցներու, նոյնիսկ եթէ կրնան սպառնալ բոլորին: Այս վստահութիւնը ուժ կը ստանայ ներկայի քաղաքական մթնոլորտէն: Այս մթնոլորտը պէտք է անյապաղ փոխուի»ջ, շեշտուած է վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: