Ազգային անվտանգութեան համար պատասխանատու բարձրաստիճան պաշտօնեաները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին տեղեկացուցած են, որ երկրի զինուած ուժերը պատրաստ են հարուածներ հասցնելու Իրանին արդէն փետրուար 21-ին, գրած է CBS News-ը։
Հեռուստաալիքի զրուցակիցները յստակեցուցած են, որ Իրանի նկատմամբ որեւէ գործողութեան ժամկէտները, հաւանաբար, պիտի յստականան գալիք հանգստեան օրերուն։ Անոնք նշած են, որ Տանըլտ Թրամփ դեռ վերջնական որոշում չէ կայացուցած։
Յիշենենք, որ փետրուար 17-ին Ժընեւի մէջ աւարտած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները։
Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմը երկխօսութիւնը բնութագրած է որպէս արագ զարգացող եւ շարունակական։ Անոնք աւելցուցած են, որ Ուաշինկթընը կը կշռադատէ մագլցումի վտանգները, ինչպէս նաեւ զսպուածութեան քաղաքական եւ ռազմական հետեւանքները։
Քանի մը պաշտօնեաներ աւելցուցած են, որ երեք օրուան ընթացքին Փենթակոնը անձնակազմի մէկ մասը Մերձաւոր Արեւելքէն պիտի տեղափոխէ Եւրոպա կամ Միացեալ Նահանգներ։ Անոնք պարզաբանած են, որ այդ անհրաժեշտ է ամերիկացի զինծառայողներու պաշտպանութեան համար՝ Իրանի կողմէ հնարաւոր պատասխանի պարագային։