image

Թուրքիան Սուրիոյ հետ խնդիրներ չունի. Թուրք նախարար

Թուրքիան Սուրիոյ հետ խնդիրներ չունի. Թուրք նախարար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր յայտարարած է, որ չկան խնդիրներ, որոնք Անգարան եւ Դամասկոսը չկարողանան լուծել։ Այդ մասին տեղեկացուցած է Հուրիեթ թերթը։

Միջնորդները՝ ի դէմս Ռուսիոյ, Իրանի եւ Իրաքի, անկեղծ փորձեր ըրած են հաշտեցնելու Սուրիան եւ Թուրքիան, սակայն այդ նախաձեռնութեան հարցով առաջընթաց չկայ։ Այդ մասին աւելի վաղ յայտարարած էր Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ՝ ելոյթ ունենալով Ժողովրդական խորհուրդի նոր գումարման նախօրէին:

«Չկայ որեւէ խնդիր, որ չի լուծուիր մեր միջեւ, կը կարծեմ, որ մենք կը կարողանանք շարունակել մեր բնականոն գործունէութիւնը որպէս երկու հարեւան երկիրներ», - ըսած է Կիւլեր։

Թրքական կողմը չէ բացառած Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներու միջեւ երրորդ երկրի մէջ բանակցութիւններու հնարաւորութիւնը, սակայն այս պահուն հանդիպման ժամկէտի եւ վայրի մասին յստակութիւն չկայ։

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Պոկտանով աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Մոսկուան պատրաստ է հանդիպում կազմակերպել Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներու միջեւ, սակայն, ըստ անոր, այդ հարցը լուրջ նախապատրաստութիւն կը պահանջէ։