Թուրքիա բռնագրաւուած Շուշիի մէջ հիւպատոսարան պիտի հիմնէ։
Այս մասին կը գրէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ Շուշիի մէջ հիւպատոսարան բանալու մասին արտայայտուած է Թուրքիոյ նախագահը։
Յիշեցնենք, որ Ռ.Թ. Էրտողան երէկ մեկնած էր Զանգելան ներկայ ըլլալու նոր հիմնադրուած օդակայանի բացման։
Այս երկրորդ օդակայանն է, որուն բացումը կը կատարուի Արցախը հարուածած 44-օրեայ պատերազմէն ասդին։