image

Թուրքիան... Մեծ տագնապներու առջեւ

  Թուրքիան... Մեծ տագնապներու  առջեւ

Թուրքիոյ գերբարձր գնաճի ու տոլարի նկատմամբ թրքական արժոյթի սրընթաց անկումը տնտեսական քաոսային վիճակ ստեղծեց, ինչ որ հասարակութեան մէջ բողոքներու ու գործադուլներու ալիքներու յանգեցուց։

Թուրքիոյ տնտեսական ու ընկերային խնդիրները այն աստիճան սրեցան, որ խանութներէն հաց գնելը դարձաւ օրախնդիր։ Տոլարի անդադար քաոսային աճը շատ տնտեսավարողներու ստիպեց, որ դադրեցնեն սննդամթերքի ու ապրանքներու վաճառքը, շատ խանութներ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները սկսան վաճառել մէկ հատով կամ մէկ քիլո կրամով։

Թէեւ Պարսից Ծոցի հարուստ արաբական երկիրներէն խոշոր չափի ֆինանսական հոսքեր ներգրաւելէ յետոյ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան յաջողեցաւ դադրեցնել թրքական լիրայի անկումը, սակայն չյաջողեցաւ լուծել հասարակական ու տնտեսկան խնդիրները։

Հակառակ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած սահմանափակումներուն, Թուրքիոյ  քաղաքացիները տարբեր քաղաքներու մէջ պարբերաբար բողոքի հաւաքներ կը կազմակերպեն տոլարի թանկացման եւ համընդհանուր գնաճի դէմ։ Իսկ վերջին օրերուն արդէն մեծ թափ ստացած են ելեկտրականութեան աննախադէպ թանկացման դէմ զանգուածային բողոքի հաւաքները Թուրքիոյ խոշոր քաղաքներուն մէջ։

Թուրքիոյ ընկերա-տնտեսական տարբեր խնդիրներու պատճառով իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են նաեւ խոշոր արհմիութիւնները, որոնց անդամները բացի բողոքի հաւաքներէ, կազմակերպած են տանսեակ գործադուլներ։

2022–ի սկիզբէն մինչեւ հիմա Թուրքիոյ տարբեր նահանգներու մէջ ընդհանուր տեղի ունեցած է 60–էն աւելի գործադուլներ, որոնց մեծ մասը Պոլսոյ եւ Այնթապի մէջ է։

Թուրքիոյ տնտեսական խնդիրները յառաջացուցած են նաեւ գործազրկութեան թուի աւելացում։ Արհմիութիւններու ու պետական վիճակագրական վարչութեան թիւերը թէեւ կը տարբերին, ամէն պարագային Թուրքիոյ համար բոլոր տուեալները ցոյց կու տան  գործազրկութեան բարձր մակարդակ։ Ըստ DISK-AR արմիութեան հետազօտական կեդրոնին, Թուրքիոյ մէջ գործազուրկ է մօտ 8 միլիոն աշխատունակ քաղաքացի։