image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան կը պայքարի Սուրիան մասնատել փորձողներու դէմ․ Չաւուշօղլու

Թուրքիան կը պայքարի Սուրիան մասնատել փորձողներու դէմ․ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խօսած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան մասին։

«Սուրիոյ մասնատումը կանխելու համար երկիրը պէտք է ուժեղ վարչակազմ ունենայ: Կամքը, որով հնարաւոր կ'ըլլայ իշխել երկրի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ, հնարաւոր է ձեռք բերել միայն միասնութեան եւ համերաշխութեան միջոցով»,-ըսած է ան։

Պատասխանելով հարցին՝ արդեօք Ռուսիոյ հետ մշակուած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ գործողութեան ժամանակացոյցը, Չաւուշօղլուն նշած է, որ իրենք այլ երկիրներու հետ օրացոյց չեն ստեղծեր։

«Ի հարկէ, մենք միշտ կը տեղեկացնենք այնտեղ գտնուողներուն, որ խուսափինք դժբախտ պատահարներէ, երբ սկսինք գործողութիւնը։ Ի վերջոյ, մեր նպատակը տարածքն ահաբեկիչներէն մաքրելն է։ Մենք այդ գործողութիւնը կ'ընենք Սուրիոյ մէջ, որպէսզի անոնց ազատենք ահաբեկիչներէ, որոնք կը յարձակին մեր վրայ եւ ունին անջատողական ծրագիրներ»,-ըսած է ան։

Չաւուշօղլուն նշած է, որ Սուրիոյ քրտական կազմակերպութիւններու նպատակը Սուրիան մասնատելն է։

«Թուրքիան միշտ սատարած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ կը պայքարի, այդ երկրի բոլոր անջատողականներու դէմ»,-ըսած է թուրք դիւանագէտը։