image

Թուրքիան «դրամ լուալու» հարցով վատ ցուցակի մէջ

Թուրքիան «դրամ լուալու» հարցով վատ ցուցակի մէջ

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը իր ֆէյսպուքեան էջով յայտնած է, որ Թուրքիան ներառուած է դրամի լուացման դէմ պայքարի ֆինանսական գործողութիւններու խումբի «մոխրագոյն ցուցակին մէջ», քանի որ երկիրը ձախողած է դրամի լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարը:

Որոշման հետեւանքով Թուրքիան կրնայ կորսնցնել աւելի քան 23 միլիառ տոլար եկամուտ, ինչ որ ծանր հարուած է Թուրքիոյ փխրուն տնտեսութեան: Այս տարուայ սկիզբէն թրքական լիրան կորսնցուցած է իր արժէքին գրեթէ 20 տոկոսը, կը գրէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը: