Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող «Ալիճան» (Մարգարա) սահմանային անցակէտին համար նախապատրաստական աշխատանքները արագացած են, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ Իգտիրի նահանգապետը ստուգած է սահմանային անցակէտին մէջ ընթացող վերակառուցման եւ արդիականացման աշխատանքները։ Ըստ հաղորդումներու՝ նախապատրաստական աշխատանքները կը մօտենան աւարտին։
Նախորդ ամիս ալ հաղորդուած էր, որ «Ալիճան» անցակէտին մէջ աշխատանքները 90 առ հարիւրով աւարտած են։ Կառուցուած են սահմանապահ եւ մաքսային գործառոյթներու համար նախատեսուած շինութիւններ, տեղադրուած են գովազդային պաստառներ, որոնք նպատակ ունին խրախուսել Հայաստանէն Թուրքիա ժամանողները այցելելու Իգտիր եւ յարակից շրջաններ։