image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա Թեհրանի պատահարին մասին տեղեկութիւններ կը սպասէ

Թուրքիա Թեհրանի պատահարին մասին տեղեկութիւններ կը սպասէ

Թուրքիոյ մէջ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն լրագրողներուն ըսած է, որ Ատրպէյճան Իրանէն համագործակցութիւն կը սպասէ՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակումը հետաքննելու եւ համապատասխան տեղեկատւութիւն տրամադրելու հետ կապուած։

«Մենք մեր հարեւան Իրանէն կ'ակնկալենք համագործակցութիւն ատրպէյճանական կողմին հետ այս ահաբեկչութեան հարցով, ով կանգնած է անոր ետեւը եւ ինչու կատարուած է։ Այս հարցով անհրաժեշտ է տեղեկատւութեան բաց փոխանակում»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ միջադէպի մասնակիցները պէտք է դատարանի առջեւ կանգնին։

Նախարարը նաեւ իր ցաւակցութիւնը յայտնած է «եղբայրական» Ատրպէյճանին։

Աւելի վաղ՝ «Քալաշնիքով» ինքնաձիգով զինուած տղամարդը յարձակած էր Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ։ Զոհուած էր անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարը, դիւանագիտական առաքելութեան եւս երկու պահակներ վիրաւորուած էին։ Յանցագործը ձերբակալուած է։ Հարցաքննութեան ժամանակ ան խոստովանած է, որ յարձակումը կատարած է ընտանեկան խնդիրներու պատճառով։ Ան կարծած է, որ իր կինը, որու հետ կապը խզուած է 2022-ի ապրիլէն ի վեր, դեսպանատան շէնքն է։