image

Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը 1700 տարեկան. Ժողովին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ

Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը 1700 տարեկան. Ժողովին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ

Սագօ Արեանի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Այս օրերուն բազմիցս լսեցինք Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին մասին, որուն գումարման  տարի անցած է։

Պատեհ առիթ էր անշուշտ, որ այս յոբելինական առիթին իր մասնակցութիւնը բերէ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը՝ Լեւոն Պապը։

Լուսանկարներուն մէջ Հռոմի Պապն է (երէկ) Նիկիոյ մէջ, շրջապատուած Արեւելքի Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու մեծաւորներով, որոնց շարքին Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր երկու Աթոռներով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնով ու նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռով մասնակից էր  համաքրիստոնէական այս մեծ առիթին։

 Ի դէպ սոյն առիթին մեր զոյգ կաթողիկոսութիւնները կը ներկայացնէին՝ Սահակ Բ. Պոլսոյ Պատրիարքը (իր կողքին ունենալով Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեանը), եւ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանը (Կաթ. Փոխանորդ Կիպրոսի Հայոց Թեմին)։

 

 Իսկ ի՞նչ բնոյթի ժողով էր Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը, ստորեւ տողերու մէջ այդ վճռորոշ ժողովին մասին՝ 

Նիկիոյ Ա Տիեզերական Ժողովը գումարուեցաւ 325 թուականին՝ Կոստանդին  Մեծ Կայսեր նախաձեռնութեամբ, Նիկիա քաղաքին մէջ (այժմ՝ Իզնիկ, Թուրքիա)։ Ժողովին մասնակցեցան ամբողջ քրիստոնէական աշխարհի  հոգեւոր պետերն ու եպիսկոպոսները՝ շուրջ 300 հոգի։

Ժողովի գլխաւոր նպատակն էր լուծել  «Արիոսի  վէճ»ը, որ կը ժխտէր Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութեան յաւիտենական եւ համաբնոյթ  ըլլալը ՝ Հօր հետ։ Արիոսի ուսմունքը կը համարուէր վտանգաւոր խեղաթիւրում քրիստոնէական հաւատքին համար։

Ժողովը հաստատեց՝

  • որ Որդին «հոմոուսիոս» է՝ այսինքն՝ միեւնոյն Հօր էութենէն, եւ ոչ արարած։
  • կազմուեցաւ Նիկիոյ Հաւատամքը, որ դարձաւ քրիստոնէական ուղղափառ հաւատքի հիմնաքարը։
  • Կանոնական որոշումներ ընդունուեցան եկեղեցական կարգապահութեան շուրջ։

Նիկիոյ Ժողովը պատմական դարձաւ ոչ միայն որովհետեւ լուծեց մեծ ճգնաժամ մը, այլ նաեւ որովհետեւ կազմաւորեց Եկեղեցւոյ՝ չափանիշ դարձող  վարապետական ու կանոնական հիմքերը։