image

Վագիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակի վերաբերեալ մեր մարմինները տեղեկութիւններ կը հաւաքեն. Փաշինեան

Վագիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակի վերաբերեալ մեր մարմինները տեղեկութիւններ կը հաւաքեն. Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Պաքուի մէջ կեղծ մեղադրանքներով 15 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Վագիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակին։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Վագիֆ Խաչատրեանը հիւանդանոց տեղափոխուած է, անոր առողջական վիճակը կը գնահատուի ծանր։

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ՀՀ վարչապետը, անդրադառնալով Վագիֆ Խաչատրեանի մասին հարցին, նշած է. «Վագիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակի վերաբերեալ մեր մարմինները տեղեկութիւններ են հաւաքում եւ փոխանցում, եւ այս պահին հրապարակային յայտնի տեղեկատւութիւնից աւել տեղեկութիւն չեմ կարող յայտնել»։