image

Թուրքիա-Ռուսիա կազային «համագործակցութիւն»ը կը շարունակուի. Թրքական աղբիւր

Թուրքիա-Ռուսիա կազային «համագործակցութիւն»ը  կը շարունակուի. Թրքական աղբիւր

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը յայտարարած է, որ հանրապետութեան մէջ ռուս-թրքական կազային հանգոյց ստեղծելու շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Անոր խօսքով՝ աւերիչ երկրաշարժի պատճառով այս գործընթացին մէջ կարճ դադար եղած է, սակայն այժմ Ռուսիան ու Թուրքիան կը շարունակեն բանակցութիւնները։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:

«Երբ մեզի առաջարկեցին կազի առեւտուրի այս հարթակը, տեղի ունեցաւ երկրաշարժ, նաեւ կայացան ընտրութիւններ։ Այնպէս որ, քիչ մը դադար էր, բայց հիմա նորէն կը բանակցինք... Մենք դէմ չենք կազի առեւտուրի լրացուցիչ հարթակի ստեղծման: Բայց եթէ մենք այժմ ունինք կազի առեւտուրի գործող հարթակ, ապա պէտք չէ եւս մէկ տարի սպասել՝ այս առեւտրային գործունէութիւնը սկսելու համար»,-ըսած է թուրք նախարարն Անգարայի մէջ կայացած ճեպազրոյցին՝ պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի լրագրողի հարցին։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը 2022-ի հոկտեմբերին առաջարկած է կազային հանգոյց ստեղծել Թուրքիոյ մէջ։ Սակայն սեպտեմբեր 14-ին, Reuters-ը, յղում ընելով աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Եւրոպա ռուսական վառելիքի մատակարարման նպատակով Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյցի ստեղծումը դադրեցուած է։ Գործակալութեան տուեալներով՝ պատճառը վէճը եղած է, թէ ով պէտք է կառավարէ հանգոյցը։