Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանը պաշտօնանկ ըրած է ելեւմուտքի նախարար Լիւթֆի Էլվանը։ Նոր նախարար նշանակուած է Նուրէտտին Նեպաթը։
Թուրքիոյ մէջ ֆինանսական ճգնաժամ է։ Թրքական լիրան մէկ տարուայ ընթացքին աժանցած է աւելի քան 45%-ով, իսկ 23 Նոյեմբերին սահմանած է նոր հակամրցանիշ՝ արժեզրկուելով եւս 16%-ով։
Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջնորդները Էրտողանը մեղադրած են անգործունակութեան մէջ եւ կոչ ըրած են արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու։