image

Թուրքիա-Իսրայէլ բանակցութիւններ. թեման՝ բնական կազի Եւրոպա տեղափոխումն է

Թուրքիա-Իսրայէլ բանակցութիւններ. թեման՝ բնական կազի Եւրոպա տեղափոխումն է

Թուրքիան եւ Իսրայէլը բանակցութիւններ կը վարեն Եւրոպա բնական կազի տեղափոխման շուրջ։ Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալինի խօսքով՝ երկու պատուիրակութիւններու հանդիպումը պիտի կայանայ հոկտեմբերին։

Ան նշած է, որ Եւրոպայի մէջ ուժանիւթակիրերու պակասի պատճառով առաջացած ճնշումը մասամբ փոխհատուցելու երկու այլընտրանք կայ. առաջինը՝ Կասպից ծովէն ատրպէյճանական կազի մատակարարման համար Անդրանատոլիական խողովակաշարի (TANAP) ամրապնդումն է, երկրորդը՝ Թուրքիոյ տարածքով Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի բնական կազի համար այլընտրանքային թոխադրային ուղիներու զարգացումը:

Անոր խօսքով՝ Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութիւնն ամէն պարագային կախեալ պիտի ըլլայ Թուրքիայէն։

Այժմ, երբ Եւրոպայի մէջ պահանջարկը կը մեծնայ, Թուրքիան եւ Իսրայէլը կ'ուզեն արագցնել Իսրայէլէն Թուրքիոյ տարածքով նոր խողովակաշար կառուցելու եւ Իսրայէլի «Լեւիաթան» կազային հանքավայրէն 21 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ մատակարարելու ծրագրերը։